Մարտ 12, 2020-ի նախագահական յայտարարութեան համաձայն, քովիտ-19 համաճարակին
տարածումը սահմանափակելու նպատակով, մեր դպրոցը փակ պիտի մնայ մինչեւ հակառակ
հրաման ստանալու թուականը։
1 Դասաւանդութեան շարունակականութիւն
Դասաւանդութիւնը կը շարունակուի։ Ամէն օր, իւրաքանչիւր ուսուցիչ, աշխատանքներ
կ՚ուղարկէ իր աշակերտներուն, որպէսզի ամրապնդեն իրենց գիտելիքները եւ նոր գիտելիքներ
զարգացնեն։
2 Առցանց դասարաններ
Նախակրթարանի աշակերտները կը յաճախեն ամենօրեայ առցանց դասընթացքի։ Այս
առցանց դասըթացքները առիթ կու տան մեր աշակերտներուն, կապ պահելու իրենց
ուսուցիչին եւ դասընկերներուն հետ, եւ նաեւ պահպանել հաւաքական աշխատանքի
վարժութիւնը։
3 Համագործակցութիւն եւ միասնականութիւն
Մեկուսացման պայմաններուն մէջ, ուսուցչական կազմը եւ ծնողները յաջողած են
համագործակցիլ, աշակերտներուն կայուն կրթական պայմաններ ապահովելու համար։
Այս բացառիկ պահերուն, բոլորին մասնակցութեան շնորհիւ է որ կը գտնուի իւրաքանչիւր
դժուարութեան համապատասխան լուծումը։