fr_FR

Գործնական տեղեկութիւններ

Համազգային-Թարգմանչաց Սաներու ֆոնտ

Արդարեւ, դպրոցը ղեկավարող մեր շահոյթ չհետապնդող ընկերակցութեան (1901 թուականի օրէնք) համար անընդունելի է, որ պզտիկ մը իր ծնողքին նիւթական անբաւարար հնարաւորութիւններուն պատճառաւ զրկուի դպրոց յաճախելէ:

Հիմնադրամին իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել իրաւաբանական անձիք՝ (հիմնադրամներ, 1901 –ի օրէնքով սահմանուած ընկերակցութիւններ) եւ անհատ նուիրատուներ: Վարժարանի վարչական խորհուրդը այս նախաձեռնութեան մէջ յանձնառու դարձնելու նպատակով մենք այս ձեռնարկը կը մեկնարկենք 2000 եւրոյի ներդրումով մը՝ յուսալով շատ արագ «գրաւել» ֆրանսահայ կրթական ոլորտին նեցուկ կանգնողներու նուիրատուութիւնները։

Պզտիկի մը դպրոցական կրթութեան համար ընտանիքին վճարած ուսման վճարը 2400 եւրօ է: Կ’առաջարկենք որ հովանաւորութեամբ այս գումարի 60 առ հարիւրը յանձն առնուի, որպէսզի ծնողներն ալ պատասխանատուութեան իրենց բաժինը ստանձնեն եւ իրենց զաւակի դպրոցական կրթութեան մէջ մաս ունենան։ Այսպիսով ծնողներուն կը մնայ վճարելիք ամիսը առնուազն 100 եւրօ, տարեկան 10 ամսուան համար, այսինքն 1000 եւրօ մէկ տարեշրջանի համար:

Նուիրատուի նիւթական մասնակցութիւնը

Մեր պատկերացումով՝ ան պէտք է ըլլայ տարեկան նուազագոյնը 250 եւրօ, որ կարելի է վճարել միանուագ կամ ամսական 25 եւրօ մասնավճարով, հանրագումար 250 եւրօ մէկ ուսումնական տարեշրջանի համար (այսինքն ուսման ամբողջական վճարի 10%-էն քիչ մը աւելի)։ Այսպիսով, 1400 եւրոյի նուիրատուութեամբ կարելի կը դառնայ հայթայթել մէկ դպրոցականի այլեւայլ ծախսերուն (ճաշարան եւ ընթացիկ ծախսեր) համարժէք նպաստ։

Այս մասնակցութիւնները հնարաւոր պիտի դարձնեն դպրոցի վարչական խորհուրդին տրամադրութեան տակ ըլլալիք զօրակցական դրամագլուխի մը ստեղծումը. Խորհուրդը յանձն կ’առնէ այդ գումարի արդար բաշխումը:

Վարժարանը յանձնառու կ’ըլլայ ստեղծելու ներքին յանձնախումբ մը, որուն պատասխանատոութիւնը կ’ըլլայ թղթածրարները ընդունիլը եւ կրթաթոշակները յատկացնելը:

Վարժարանի խորհուրդը եւ մանկավարժական ղեկավարութիւնը պարտին հանդիպում ունենալ ընտանիքներուն հետ՝ աշակերտին կարիքները եւ ծնողներու ներգրաւուածութեան չափը արժեւորելու եւ հաստատելու համար:

Յայտի թղթածրարը պէտք է բովանդակէ ընտանիքի անդամներուն հարկային յայտարարագրերը, գոյքահարկի կամ բնակութեան տուրքի վճարման փաստաթուղթերը, ամսականներու վճարման փաստաթուղթերը, պետական-ընկերային նպաստներու փաստաթուղթերը, վարձակալութեան պայմանագրերը, ընտանիքի անդամներու վարկային պատմութիւնը եւ այլ պարտատիրութեան գումարը հաստատող փաստաթուղթեր։

Հաղորդագրութիւն

Բարեսիրական ընկերակցութիւնը (կամ նուիրատուն) կրնայ հրապարակային դարձնել իր յանձնառութիւնը:

Եթէ նուիրատուն համաձայն ըլլայ, դպրոցը տեղեակ կը պահէ հանրութիւնը բարեսիրական ընկերակցութեան (կամ անհատ նուիրատուի) յանձնառութեան եւ առատաձեռնութեան մասին:

Վարժարանը յանձնառու է պահպանելու հովանաւորեալ ընտանիքներու ինքնութեան գաղտնիութիւնը:

Պետական հարկային օրէնսդրութիւն. Իրաւաբանական անձանց թէ անհատ նուիրատուներուն կը տրամադրուի նուիրատւութիւնը եւ համապատասխան հարկային արտօնութիւնները հաստատող փաստաթուղթ (CERFA)։

Անհատ նուիրատուներ. Նուիրաբերուած գումարներու 66 առ հարիւրը հարկման ենթակայ չէ՝ հարկելի եկամուտի 20 առ հարիւրի սահմանափակումով:

Իրաւաբանական անձեր. Նուիրաբերուած գումարներու 60 առ հարիւրը հարկման ենթակայ չէ՝ գործառնութեան ծաւալի 5 առ հազարի սահմանափակումով:

Նուիրատուութիւն մը կատարեցէ՛ք հիմա իսկ։

Նուիրատուութիւնները կարելի է յղել չեքով հետեւեալ հասցէին՝

École Hamaskaïne-Tarkmantchatz     19-27 Sentier des Épinettes    92130 Issy-les-Moulineaux

Ներբեռնել աշակերտ մը հովանաւորելու նպատակով նուիրատուութիւն կատարելու յայտի նմուշը ֆրանսերէն լեզուով։