Մեր դպրոցը
« Օտար երկիրներու մէջ, մեր պատկանելիութեան սպառնացող հազար ու մէկ վտանգներով շրջապատուած, ինչպէ՞ս երիտասարդ սերունդը պիտի կարողանայ հայ մնալ: Այլեւս երկիր չկայ. մեզի կը մնայ դպրոցը եւ գիրքը»:
Այս խօսքերով է որ 1928 մայիս 28-ին, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութենէն տասնամեակ մը ետք, Լեւոն Շանթ Գահիրէի մէջ կը ծանուցէր կրթութեան եւ մշակոյթի նուիրուած «համահայկական» ընկերակցութեան մը հիմնադրութիւնը:
Կիլիկիոյ վերջին կոտորածներէն եւ դէպի Մերձաւոր Արեւելքի անապատներ զանգուածային տարագրութիւններէն ետք, Հայաստանի անկախութեան կորուստէն ետք, որոշ գործիչներ եւ Հայաստանի կառավարութեան անդամներէն ոմանք կը ստիպուին բռնել աքսորի ճամբան: Գահիրէ կը գտնեն զիրար տարիներ ետք եւ կը հիմնեն «Համազգային» միութիւնը:
Համազգայինի 9 հիմնադիրներէն յիշատակենք մի քանին.
![]() |
![]() |
![]() |
Բժ. Համօ Օհանջանեան
|
Նիկոլ Աղբալեան
|
Լեւոն Շանթ
|
Այս հիմնադիրները Հայաստանի Հանրապետութիւն կը կառուցէին երկրի մը մէջ, ուր ամեն ինչ շինութեան կը կարօտէր: ժողովրդավար պետութիւններու օրինակով հաստատութիւններ կը դարբնէին եւ կը ստեղծէին: 1919-ին ընդհանրական քուէարկութեամբ խորհրդարանական ընտրութիւններ կը կազմակերպէին, երբ ժողովուրդը «10 դարէ ի վեր կորսնցուցած էր Պետութեան իմաստը»: 1
Եգիպտոս աքսորուած՝ անոնք այլ իրականութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուէին. Արեւմտահայաստանէն եւ Կիլիկեայէն վերապրողներէ բաղկացած հանրութեան մը՝ փախստականներէ, տեղահանեալներէ, արմատախիլ եղածներէ, մեծ մասամբ որբ-մանուկներէ եւ իրենց հողէն խլուած գիւղացիներէ բաղկացած:
Եթէ 1918-ին «Քաոսէն»2 պետութիւն մը պէտք էր հիմնել, այստեղ պէտք էր առանց երկրի Ազգ մը կառուցել: Պէտք էր այս ցրուած ժողովուդը համախմբել, միաւորել, դաստիարակել: Սփիւռքէն ներս, Հանրապետութեան երկիրը հայ դպրոցով պիտի փոխարինուէր:
Դպրոցը միաժամանակ գործիքն ու միջոցը պիտի ըլլար, նաեւ նպատակը: Հայ դպրոցին ընդմէջէն պէտք էր պահպանել լեզուն եւ մշակոյթը, որոնք իրենց կարգին պիտի երաշխաւորէին ժողովուրդի մը գոյատեւումը:
«Համազգային»ի դպրոցները աշխարհի մէջ
1930-ին առաջին Ճեմարանը հիմնուած է Պէյրութ: Հետագային հաստատութիւնը կը ստանայ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարան անունը՝ իր բարերարին յիշատակին: Այս տիպար վարժարանը (lycée pilote) որ իր գործունէութիւնը կը սկսէր 15 աշակերտով, օրինակելի պիտի դառնայ սփիւռքեան վարժարաններու կառոյցին համար: Ապա 1931-ին դարձեալ Պէյրութի մէջ կը հաստատուի Համազգայինի տպարանը որուն շնորհիւ զարկ կը տրուի հրատարակչական եւ գրատարածման աշխատանքներու: Անշուշտ պէտք է դպրոցական դասագիրքեր հրատարակել լեզուի եւ մշակոյթի աւանդումը ապահովելու համար:
Աւելի ուշ, 1987-ին, երբ դպրոցը կը հարկադրուի տեղափոխուիլ Անթիլիաս (Լիբանան), համալիրը կը կոչուի իր նոր բարերարներու անունով՝ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան: Կը բաղկանայ բազմաթիւ շէնքերէ, ուր կը տեղաւորուին մանկամսուր մը, մանկապարտէզի բաժինները, նախակրթարանի եւ երկրորդականի դասարանները: Դպրոցը կը հիւրընկալէ մօտ 700 աշակերտ:
Մարսիլիոյ Համազգային վարժարանը կեանք կ’առնէ 1980-ին Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ՝ երկլեզու եւ երկմշակոյթ կրթութիւն ջամբելու նպատակով: Կեդրոնը իր գործունէութիւնը կը մեկնարկէ մանկապարտէզի բաժինով՝ 4 աշակերտով: Հանրակրթական բոլոր կարգերը ի վերջոյ ամբողջութեամբ կ’առաջարկուին 1993-ին՝ պաքալորէայի առաջին աւարտական հունձքը տալով 1994-ի յուլիսին:
Մարսիլիոյ Համազգայինի վարժարանը մինչեւ օրս Ֆրանսայի միակ ամենօրեայ վարժարանն է, որ մանկապարտէզէն մինչեւ բարձր կարգեր հայերէն լեզուի դասաւանդում ունի: Դպրոցը 340 աշակերտ ունի, եւ բոլոր կարգերուն համար ալ ուսուցումը պետական կրթական ծրագրին հետ համապատասխանութիւնը հաստատող հաստատագրումը անցած է։ Պետական քննութիւներուն յաջողութեան տոկոսը 90-էն 100 առ հարիւրի միջեւ կը տատանի:
Սիտնիի մէջ (Աւստրալիա), Արշակ եւ Սոֆի Գոլստն վարժարանը 1986-ին կը բանայ իր դռները Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ:
Իսի-Լէ-Մուլինոյի Թարգմանչաց վարժարանը միացաւ Համազգայինի դպրոցներու ցանցին դեկտեմբեր 2015-ին։
Համազգայինի միջազգային գործունէութիւնը
Այսօր Համազգայինը տակաւին կը շարունակէ մշակոյթի աւանդման իր աշխատանքը՝ Լիբանանէն, ուր կը գտնուի Կեդրոնական վարչութեան նստավայրը 1930-էն իվեր, տարածուելով դէպի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Սուրիա, Հարաւային Ամերիկա, Աւստրալիա ու Եւրոպա, մանաւանդ Փարիզ: Միութիւնը այժմ համայն աշխարհի մէջ կը հաշուէ մօտ յիսուն մասնաճիւղ:
Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը կը հիմնուի 1975-ին: Գասպար Իփէկեան Թատերախումբի (հիմնուած 1956-ին) եւ Գուսան Երգչախումբի (հիմնուած 1956-ին) աշխատանքները շարունակելով հանդերձ՝ այս մարմինը 1988-ին կը հիմնէ Լեւոն Շանթ Մշակութային Կեդրոնը: Թորոս Ռոսլին գեղարուեստի դպրոցը կը հիմնադրուի 1988-ին, Բարսեղ Կանաչեան Երաժշտանոցը եւ Գայիանէ պարի դպրոցը կը հիմնուին միաժամանակ 1989-ին: Մանուկներու եւ պատանիներու երգչախումբը կեանք կ’առնէ 1997-ին, իսկ Արեգ մանկապատանեկան թատերախումբը՝ 1999-ին:
1997-ին Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափին Միութիւնը կը հաստատէ շրջանային վարչութիւն մը՝ համախմբելով տասնեակ մը ենթայանձնախումբեր, որոնք գոյութիւն ունէին վաթսունական թուականներէն սկսեալ եւ գործունեայ էին իրենց քաղաքներէն ներս իրենց թատերախումբով, պարի համոյթով եւ մշակութային գործունէութեամբ: Մի քանի տարի ետք արեւմտեան ափը իր կարգին կը ստեղծէ իր շրջանային վարչութիւնը՝ տասնեակ մը ենթայանձնախումբերով: Համազգայինը կը հաստատուի Գանատա, Մոնթրէալ 1963-ին եւ Թորոնթօ` 1969-ին: Գործունէութիւնը բազմապիսի է՝ գիրքերու տօնավաճառ, շարժապատկերի փառատօն, գեղարուեստի աշխատանոց, պարի համոյթ, թատերախումբ եւ երգչախումբեր:
Համազգայինը կենսունակ է Սփիւռքէն ներս, սակայն նաեւ Հայաստանի մէջ՝ 1990-ին Երեւան հաստատուած իր գրասենեակով: 1995-էն ի վեր Համազգայինի ուսանողական ամառնային համաշխարհային հաւաքը տեղի կ’ունենայ Հայաստանի մէջ (Համազգայինի Ֆորում): Երեւանի պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան եւ Հայոց պատմութեան բաժանմունքներուն հետ 2012-ին մեկնարկուած է նախագիծ մը, որուն նպատակը սփիւռքահայ երիտասարդ ուսանողներ սփիւռքի դպրոցներուն մէջ հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի դասաւանդող ըլլալու պատրաստելն է:
Երկու տարի ետք Համազգայինը պիտի տօնակատարէ իր հարիւրամեակը՝ միշտ հաւատարիմ Նիկոլ Աղբալեանի սահմանած իր հետեւեալ առաքելութեան. « Համազգայինի առաքելութիւնը Հայ ազգի վերանորոգումը կառուցանել է: Ազգ մը որ կը մնայ իր մշակոյթին հաւատարիմ, իր դպրոցին սատար, եւ կը հաւատայ ընդմիշտ Հայ Դատի յաղթանակին»:
1. Անահիտ Տէր Մինասեան: †
2. Քաջազնունիին գործածած բառը։ †