fr_FR

Մեր լուրերը

Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150 ամեակին առթիւ, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան բարեկամներու միութիւնը հրաւիրեց Սաթէ-Արթր թատերական խումբը, որ ներկայացնէ Թումանեանի հեքիաթներէն եւ բանաստեղծութիւններէն հատուածներ։ Սեդա Խաչատրեանը եւ Եանիք Լուին 7 յունիսին երգով եւ պարով հարստացած ձեռնարկ մը հրամցուցին ներկաներուն։