Դպրոցին առօրեան

Բոլոր աշակերտները դպրոցին ճաշարանը կը ճաշեն. ծիլերը եւ կոկոնները 11։45-ին եւ « մեծերը » (ծաղիկէն մինչեւ հինգերորդ դասարան) 12։15-ին։ «Պզտիկներուն» դպրոցական օրը կ՚աւարտի ժամը 16։20-ին, իսկ «մեծերուն»ը՝ 16։30-ին։ Չորեքշաբթի օրը, ծիլերը կ՚արձակուին 12։15-ին՝ ճաշելէ ետք։
Աշակերտներուն դասացուցակը կ՚ընդգրկէ հայերէնի դասաւանդումի եւ ընդհանուր դասաւանդումի պահեր։ Ծիլ եւ կոկոն դասարաններուն դասաւանդումի լեզուն հայերէնն է, ֆրանսերէնը աստիճանաբար մուտք կը գործէ կոկոն դասարանի դասաւանդումին մէջ։ Միւս դասարաններուն մէջ աշակերտները ունին երկու դասատու, մէկը՝ հայերէնին, իսկ միւսը՝ ընդհանուր դասաւանդումին համար։