fr_FR

Մեր ուսումնական ծրագիրը

yerglezouՄեր դպրոցին յատկութիւններէն մէկը երկլեզու հաստատութիւն մը ըլլալն է: Հայերէնը եւ ֆրանսերէնը կը դասաւանդուին, իսկ անգլերէն լեզուն կ’ամբողջացնէ այդ դասաւանդումը մանկապարտէզի «ծաղիկ» բաժինէն սկսեալ: Որպէս պետական ուսումնական ծրագրին լրացուցիչ նիւթեր կը դասաւանդուին հայ լեզուն եւ մշակոյթը, որոնք կ’ամբողջանան հայոց պատմութեան եւ այլ դասերով:

Ուսումը եւ կրթութիւնը ֆրանսական ընկերութենէն ներս եւ անոր ներկայացուցած ընկերվարական արժէքներուն ի նպաստ յաջող համարկումի մը ստիպողական անցումներ են :

Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանը Իսի-լէ-Մուլինոյի եւ շրջակայ քաղաքներու հայ համայնքի մանուկներուն երկու՝ ֆրանսական եւ հայկական մշակոյթներով հարուստ կրթութիւն մը ձեռք ձգելու կարելիութիւն կ’ընծայէ:

Այս զոյգ մշակոյթները մանուկին հնարաւորութիւն կու տան ճանչնալու իր արմատները եւ ներդաշնակօրէն ապրելու իր զոյգ պատկանելիութիւնները՝ հարստացումի, յայտնաբերումի եւ փթթումի ոգիով: Հայկական ծագումով ֆրանսացիներուն առիթ կու տան իրենց նպաստը բերելու ֆրանսական ընկերութեան եւ հանդէս գալու որպէս արժանի ներկայացուցիչներ եւ գործիչներ։

Մեր մանկավարժական խումբը

Թիմա Բուարօ, տնօրէնուհի

- Ուսուցչուհի Բ եւ Գ դասարաններուն

Մարալ Գարաօղլանեան

- Ուսուցչուհի կոկոն դասարանին

Արեգնազ Մանոք

- Հայերէնի ուսուցչուհի ծաղիկ, Ա, Բ եւ Գ դասարաններուն

Փոլին Նկհէ

- Ուսուցչուհի ծաղիկ եւ Ա. դասարանին

Սարա Տ.

- Ուսուցչուհի Դ եւ Ե դասարաններուն

Թամար Փանոսեան

- Ուսուցչուհի ծիլ դասարանին

- Հայերէնի ուսուցչուհի Դ եւ Ե դասարաններուն