fr_FR

Մեր դպրոցը

Իսի լէ Մուլինոյի Հայ համայնքը

Իսի լէ Մուլինօ մօտաւորապէս 1923 թուականին հաստատուած առաջին հայերը 1915-ի Ցեղասպանութենէն վերապրողներ են: Գործ կը գտնեն «Gévelot» փամփուշտի գործարանէն, «Lefranc» ներկի գործատունէն, «Grenelle» լուացքատունէն ներս... Յետաքային պիտի պարզուէր, որ Իսի Լէ Մուլինոյի տարածքը խիստ նպաստաւոր էր հայկական ամուր գաղութի մը հաստատման համար: 1975 թուականէն սկսեալ լիբանանահայեր կուգան հաստատուելու Իսի լէ Մուլինոյի մէջ: Անոնց շուտով կը միանան իրանահայեր եւ Խորհրդային Հայաստանէն արտագաղթած հայեր: 1990-ին, իբր հետեւանք գաղթականներու յաջորդական հոսանքներու ժամանումին, ծագումով հայ բնակչութիւնը 5000-է աւելի շունչ հաշուող Իսիի բնակչութեան աւելի քան 10 %-ը կը կազմէր: Այս համայնքը վստահաբար կ’ուզէ յաջողցնելՖրանսայի մէջ իր համարկումը, սակայն կ’ուզէ նաեւ իր հայ լեզուն եւ մշակոյթը պահպանել:

Իսի Լէ Մուլինոյի մէջ դպրոց մը հիմնելը՝ անհրաժեշտութիւն

Հայ լեզուին եւ մշակոյթին աւանդումը եւ իրենց իրաւունքներուն ու պարտաւորութիւններուն գիտակից ֆրանսացի քաղաքացիներու կազմաւորումը ֆրանսահայ դպրոցի մը ստեղծումը հրամայական կը դարձնեն: 1975-ին կառուցուած Հայ առաքելական եկեղեցւոյ շուրջ խմբուած հայ համայնքին եւ կրօնական ընկերակցութիւններու ներկայացուցիչները կ’որոշեն մարմին տալ դպրոցի այս ծրագրին: Շնորհիւ մասնաւորաբար քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի թանկարժէք աջակցութեան, ինչպէս նաեւ Զատիկ Ասլանեանի եւ Վիգէն Կարապետեանի իրագործած աշխատանքին, վարժարանը իր դռները կը բանայ 1996-ին եւ 2005-ին կը կնքէ պետական ծրագիրներու իր համապատասխանումը հաստատող առաջին համաձայնագիրը: 2017-2018 տարեշրջանին, այդ համաձայնագիրը կնքուած է տարրական դասարաններուն եւ մանկապարտէզի կոկոն դասարանին համար։

Մեր դպրոցը այսօր

Cour_EcoleՄօտ 3000 քառ. մեթր տարածութիւն գրաւող մեր երեք յարկանի դպրոցը բաղկացած է 15 մեծ դասարանէ, բազմաթիւ գործածութիւններու պատշաճեցուած մէկ սրահէ, մէկ ծաւալուն ներքին բակէ եւ մէկ արտաքին զբօսանքի բակէ: Փոքրիկներուն յատկացուած տարածքին գետինըտարածքը ձգախէժով պատուած է՝ անոնց անկումները մեղմելու համար: Սրահները կը բաւարարեն «հասարակութիւն ընդունող երրորդ կարգի հաստատութիւններէ» պահանջուող (établissement recevant du public – ERP – Catégorie 3) օրինական պահանջները եւ ապահովական չափանիշները: Իր ունեցած շէնքային պայմաններով եւ յարմարութիւններով՝ դպրոցը կրնայ հիւրընկալել աւելի քան 400 աշակերտ: Այսօր դպրոցը կը բաղկանայ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի դասարաններէ՝ շուրջ 107 աշակերտներով, որոնք կը հետեւին որակեալ մանկավարժական խմբակի մը դասաւանդութեան՝ շաբաթական հինգ օրուան վրայ բաշխուած դասացուցակներով: Կը յուսանք մօտ ապագային ունենալ միջնակարգի (collège) կարգեր: