Դասաւանդութեան շարունակականութիւն
Մարտ 12, 2020-ի նախագահական յայտարարութեան համաձայն, քովիտ-19 համաճարակին
տարածումը սահմանափակելու նպատակով, մեր դպրոցը փակ պիտի մնայ մինչեւ հակառակ
հրաման ստանալու թուականը։
Մարտ 12, 2020-ի նախագահական յայտարարութեան համաձայն, քովիտ-19 համաճարակին
տարածումը սահմանափակելու նպատակով, մեր դպրոցը փակ պիտի մնայ մինչեւ հակառակ
հրաման ստանալու թուականը։
Երեքշաբթի 17 Դեկտեմբեր առաւօտեան ժամը 11- ին, նախակրթարանի (առաջին, երկրորդ, երրորդ, չորրորդ եւ հինգերորդ) աշակերտները ընդունեցին Հանրի Մալեան խումբը, Թումանեանի հեքիաթները ներկայացնելու համար :
22 սեպտեմբեր 2019-ին, կէսօրէն ետք ժամը 5-ին, Հայաստանի երիտասարդ արուեստավարժները բացառիկ նուագահանդէս մը պիտի ներկայացնեն։ Ձեզ կը սպասե՛նք մեր դպրոցը։
Մուտքը՝ ձրի։
Մեր դպրոցը ձեզ կը հրաւիրէ իր դաշտահանդէսին՝ կիրակի 30 յունիս 2019-ին։
Աշակերտներուն ամավերջի հանդէսը պիտի սկսի ժամը 10։30-ին. վկայականներու բաշխումը տեղի պիտի ունենայ ժամը 12:00-ին։ Անկէ ետք, եկէք համտեսեցէք հայկական ճաշերը եւ վիճակահանութեան մասնակցեցէք ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Բոլորդ բարի՛ եկած էք ։
Փչողական զանազան գործիքներ ներկայացուեցան մեր աշակերտներուն։
Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150 ամեակին առթիւ, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան բարեկամներու միութիւնը հրաւիրեց Սաթէ-Արթր թատերական խումբը, որ ներկայացնէ Թումանեանի հեքիաթներէն եւ բանաստեղծութիւններէն հատուածներ։ Սեդա Խաչատրեանը եւ Եանիք Լուին 7 յունիսին երգով եւ պարով հարստացած ձեռնարկ մը հրամցուցին ներկաներուն։
Դ-Ե դասարանի աշակերտները վերացական արուեստի թանգարանը այցելեցին 19 ապրիլ 2019-ին։
12 ապրիլին, ժամը 2-ին, Էջմիածնի քաղաքապետը, տիկին Դիանա Գասպարյանը, եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը մեր դպրոցը այցելեցին։
Չորեքշաբթի 27 մարտ 2019-ին, Բ — Գ դասարանի աշակերտները այցելեցին Պուրտէլ թանգարանը, Փարիզի 15-րդ թաղամասին մէջ։ Անոնք ծանօթացան Անդուան Պուրտէլին կեանքին եւ քանդակներուն, եւ այցելեցին իր աշխատանոցը։ Նաեւ մասնակցեցան «Հերգիւլին դիմանկարը» կաղապարումի աշխատանոցին։
Աշակերտները ծպտուած են Բարեկենդանի առիթով։