fr_FR

Մեր լուրերը

Այցելութիւն «Գիտութեան եւ ճարտարարուեստի քաղաք»

Հինգշաբթի 10 յունուար 2019-ին Բ-Գ դասարանի աշակերտները այցելեցին «Գիտութեան եւ ճարտարարուեստի քաղաքը»։ Յայտագիրը հետեւեալն էր՝

  • «Աշխարհը տիեզերքին մէջ» ցուցահանդէսը այցելել
  • «Փոխադրամիջոցները՝ Ֆրանսայի մէջ» ցուցահանդէսը այցելել
  • «Մարմին եւ մարզանք» ցուցահանդէսը այցելել
  • «Աշխարհը արեւային դրութեան մէջ» մանկավարժական աշխատանոցին մասնակցիլ
  • «Սեւ ծակերը» ֆիլմը դիտել՝ Բլանեդարիոմին մէջ։

 

Մեր վարժարանը բացառիկ համերգ մը կը կազմակերպէ 18 յունուար 2019-ին

Աճապարեցէ՛ք Ձեր տոմսերը ապահովելու

Անտրէ Մանուկեան — Հայրենազուրկը

Դասական, արդիական, ժողովրդային, ճազ․․․ երաժշտութեան այս այլազան ոճերը ի մի բերող այս մշակութային նախաձեռնութիւնը հաղորդակցութեան զուգահեռներ կը նետէ հայոց աշխարհին եւ Ֆրանսային միջեւ։

Արուեստագէտին խօսքը

«Արեւելքը․․․ մեծ հայր-մեծ հայրերս վտարուած էին հոնտեղէն ․․․ երկար ատեն տանիլ չէի կրնար անոր չափազանցութիւնները, շաքար-մեղրը, փոթորկոտ կիրքերը…
Մինչեւ որ օր մը, դաշնամուրի մը առջեւ… վերայայտնագործութիւն․․․ «հայկական բան մը կը նուագէ՞ք մեզի համար»․․․

Հայերէն շարանկարի մրցում

Ե դասարանի աշակերտները մասնակցեցան Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան կազմակերպած շարանկարի մրցումին, ԱրմէնԼիվր 2018 գիրքի ցուցահանդէսին ծիրէն ներս։ Մրցումին նիւթն էր «Եթէ կախարդական գաւազան մը ունենայի…»։